2015-04-04 12:21:00

Գերապայծառ Զէնարի` Միջին արեւելքը կրակ ու բոցի մէջ է։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանը հաստատեց որ իսլամական պետութեան ռազմիկները արդէն հասած են Դամասկոսի դռները, բռնագրաւելէ ետք Իտլիպը ուր առեւանգուած են յոյն օրթոտոքս քահանայ մը եւ  խումբ մը հաւատացեալներ։ Եմենի դէպքերը եւս կը հաստատեն որ ամբողջ Արեւելքը կրակի մէջ է ։ Հակառակ այս տխուր դէպքերուն` բնակիչները կը շարունակեն յուսալ ու դիմել Ամենախնամ Տիրոջ` Ղեկավարը պատմութեան։

Ամէնքս գիտենք որ Աստուած մարդու սրտին մէջ դրած է տրամաբանութիւնը, որ վերջ ի վերջոյ պիտի հարցադրէ աւերներու, մահերու ու վէրքերու մասին։ Ներկայիս  Սուրիոյ բնակչութեան 80 առ հարիւրը չքաւոր է  եւ 58 տոկոսը գործազուրկ։ Ամէնքը կը յուսան որ Աստուծոյ օգնութեամբ, սուրիացիներու բարի կամքով ու միջազգային հասարակութեան միջամտութեամբ,  սուրիացին կարողանայ այս մութ փապուղիէն դուրս ելլել։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.